2013-06-18 12:14:58

Վատիկանը Կը Ճանչնայ ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի'' Բացառիկ Երեւոյթը` Որուն Հետեւանքով Բազմաթիւ Հաւատացեալներ Վերսկսան Եկեղեցի Յաճախել Ու Սուրբ Խորհուրդներուն Մօտենալ։


Գերապայծառ ֆիզիքելլա` վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին նախագահը, մամուլին հետ ունեցած մէկ ելոյթով հաստատեց ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի'' բացառիկ երեւոյթը` որուն հետեւանքով բազմաթիւ հաւատացեալներ վերսկսան եկեղեցի յաճախել ու սուրբ խորհուրդներուն մօտենալ։ Այս երեւոյթը շօշափելի է ոչ միայն Իտալիա այլ աշխարհի բազմաթիւ թեմերուն մէջ։ Արդարեւ շատ մը եկեղեցիներու հոգեւորականները ինքնակամ մեզի կը գրեն եւ կը մատնանշեն որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յուզած է շատերուն սիրտն ու հոգին - յայտարարծ է գերապայծառ ֆիզիքելլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.